2015-11-04 09:04:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ` Ջուրը իր ճամբան կը գտնէ կ’երթայ


Ջուրին հեղուկային վիճակը ամէնէն անանցանելի տեղերէն ներս սողոսկելու կարելիութիւնը կ’ընձեռէ իրեն: Ջուրին այս յատկութիւնը երբեմն նաեւ վախ կը պատճառէ շէնքերու մէջ բնակող դրացիներուն, որոնք իրարու վրայ բարձրացած յարկերուն միջեւ խոնաւութեան նուազագոյն նշոյլը նշմարելով, ահազանգ կը հնչեցնեն, որպէսզի «ջուրը չհասած», նորոգութեան ենթարկուի հաւանական հոսքը անոր:

Ջուրը ունի ուժգնութիւն մը. ունի նաեւ ամէն թումբ խորտակելու հնարաւորութիւնը  իր ծանրութեամբ, հոսքին ստեղծած ուժով եւ նոյնիսկ իր յարատեւ կաթիլներուն «յամառութեամբ»:

Լեռնային կարգ մը շրջաններու մէջ, մինչեւ այսօր կարելի է տեսնել այնպիսի ժայռեր, որոնք միլիոնաւոր տարիներ առաջ ջուրին տակ եղած ըլլալով, ալիքներու աննահանջ հարուածներուն հետքերը կը կրեն:

Ջուրը նաեւ ինքնայայտնութեան «կարողութիւնը» ունի: Անկարելի է զայն պահել: Ջուրը ամբարելու համար ճիշդ է, որ զանազան նիւթերով ամաններ կը պատրաստուին: Կերպընկալէ շիշեր ու տարբեր տեսակի տակառներ, որոնց մէջ կարելի է որոշ ժամանակ պահել զայն: Սակայն երկար չեն դիմանար բոլոր տեսակի նիւթերն ալ, որովհետեւ ջուրը ինքզինք կը յայտնէ անպայման: Անիկա երբ «զայրանայ», յոռեգոյն պարագային ինքզինք կը յայտնէ նեխելով եւ պատճառ կը դառնայ զանազան տեսակի թռչող միջատներու եւ մժեղներու բազմացումին:

Ջուրը ունի նաեւ երկիմաստ նշանակութիւն մարդկային կեանքին մէջ: Առաջին՝ կեանքի մէջ պատահած դժուարութեան մը ի վերջոյ գտած լուծումն է, իսկ երկրորդ՝ չարին վերջնական անկումն ու վախճանը:

Ջուրին սահուն, լոյծ, թեթեւ ու մաքրողական յատկութիւնները լաւագոյն օրինակներն են կեանքի մէջ դժուարութեան հանդիպող մարդոց համար: Ջուրը այս չորս յատկութիւններով մխիթարութիւն է տառապողներուն: Ան բոլոր տագնապողներուն համբերութեան կոչ կ’ուղղէ, որպէսզի յիշեն, թէ իր հոսքին նման, իրենց բոլոր դժուարութիւններն ալ լուծում պիտի գտնեն:

Անցնինք ջուրին  բացասական պատկերի ներկայացման:

Ջուրը իր ճամբան կը գտնէ, կ’երթայ, այնպէս, ինչպէս բոլոր չարերը դէպի իրենց կորուստը կը դիմեն արագավազ: Չարիքը աւելի արագ է, քան բարիքը: Ասիկա մասնաւոր իմաստութիւն չ’ուզեր հաստատելու համար: Կը բաւէ միայն, որ ձեր շուրջը նայիք, կամ՝ ձեր արարքները քննարկումի ենթարկէք: Երբ բարիք պիտի գործէ անձ մը, շատ աւելի երկար ու հանդարտութեամբ կը խորհի անոր բերելիք նպաստներուն մասին: Քիչեր միայն անանձնական սիրով իրենց բարիքը կը գործեն, համաձայն «բարիք ըրէ, ծով նետէ» ժողովրդային առածին: Սակայն մարդիկ իրենց զայրոյթին մէջ յաճախ բարկութեամբ գրգռուած, անմիջապէս գործի կ’անցնին, երբ չարիք պիտի հասցնեն ուրիշին: Չարիքը մեծ քայլեր ունի, նման իր մեծ հետեւանքներուն: Երբեմն անոր հետեւանքները իրմէ աւելի մեծ կ’ըլլան: Սակայն, ամէն պարագայի, չարիքը պէտք չէ հատուցանել չարիքով, այլ ջուրին «խրատ»ը լսելով, պէտք է թողուլ, որ «հոսի» դէպի իր վախճանը: Ինչքան արագ՝ այնքան լաւ: Ուստի բնաւ պէտք չէ երկիւղ ունենալ չարագործութեան մը յարատեւութենէն կամ յամառ հարուածներէն, անիկա միայն ի հեճուկս չարին կ’ըլլայ, որովհետեւ ճամբան կը բանայ դէպի կորուստ:

Այնպէս, ինչպէս տխուր է ջուրին այս ընթացքը, նոյնպէս ալ տխուր է չարին ընթացքը: Ուստի բարի կամեցողութեամբ մարդիկ, դժուարութեան մը դիմաց կանգնած, կամ չարին որոգայթներուն մէջ բռնուած, առանց վհատելու, զիրար քաջալերելով կ’ըսեն. «Ձգէ՛, ջուրը իր ճամբան կը գտնէ, կ’երթայ…»:

Հաւատանք որ այդ ջուրը մինչեւ հիմա շա՜տ հոսած է, եւ ասկէ վերջ ալ պիտի հոսի:








All the contents on this site are copyrighted ©.